2015-11-21 07:00:00

Կարդինալ Փարոլին` ''Պապը Ափրիկէի մէջ ի նպաստ խաղաղութեան''։


  1. (Ռատիօ Վատիկան) Սովորութեան  համաձայն, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին ելոյթ ունեցաւ Վատիկանի CTV հեռուստակայանի հետ,  ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց Ֆրանիչսկոս Պապի յառաջիկայ օրերուն Ափրիկէի երեք երկիրներուն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին` Քենիա, Ուկանտա Եւ կեդրոնական Ափրիկէ։

Քենիայի մասին արտայայտուելով Կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ ''Ֆրանչիսկոս Պապի Քենիա կատարելիք  ճամբորդութիւնը առիթ պիտի  հանդիսանայ վերանորոգելու  Սրբազան Քահանայապետի  համայն կրօններու ուղղած կոչը,  ''Աստուծոյ անունը չգործածել, բռնութեան արդարացման ի շահ'' եւ յիշեցնելու` թէ բոլոր կրօնները եղած են եւ պէտք են ըլլալ՝ բարին գործադրողներ ու  համերաշխութեան միջոցներ։

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց,  թէ Նորին Սրբութեան Ափրիկէի ցամաքամասի  պատգամի առանցքը պիտի հանդիսանայ, պայքար մղել աղքատութեան դէմ,  իւրաքանչիւր անձին ապահովուել  արժանավայել  կեանք։

Կեդրոնական Ափրիկէի ճամբորդութեան մասին ակնարկելով  Ծիրանաւորը յայտնեց թէ Կեդրոնական Ափրիկէն կարիքն ունի խաղաղութեան ու ողորմութեան , եւ Ֆրանչիսկոս Պապի Ողորմութեան Սուրբ դուռին բացումը շատ գեղեցիկ եւ տպաւորիչ պիտի ըլլայ։ Ան պիտի ըլլայ ողորմութեան արտայայտութիւն, մօտիկութեան ցուցաբերում՝ աղքատութենէ տառապող ժողովուրդին համար, որուն վիճակը վերջերս առ աւելիով վատթարացած է տարածաշրջանին մէջ պատահած դէպքերուն պատճառաւ։

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադառնալով  Ուկանտայի մասին նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  Ուկանտայի մէջ պիտի ոգեկոչէ  50 տարի առաջ սրբադասուած նահատակներուն սրբադասումը ու հաստատեց  թէ անոնց վկայութիւնը այսօր եւս կը խօսի մեզի ու կը պատգամէ թէ որպէս քրիստոնեաներ մենք պատրաստ ըլլալու ենք մեր կեանքը տալու։ Այդ նահատակները ապա մեզի կը յիշեցնեն թէ հաւատքը կարող է դառնալ իսկական սերմ եւ մարդաբանութեան նոր սլացք` կազմելու եւ կառուցելու աւելի եղբայրական, աւելի խաղաղ եւ աւելի զօրակից ընկերութիւն մը որ կը գործէ բոլորին բարիքին ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.